top of page

Հայ-ֆրանսական կրթական աշխատանոց 

Մկնիկ աշխատանոցը հիմնադրուած է 1990-ին Փարիզ: Մկնիկի վարիչ-ուղեկիցները մեծ մասամբ աշխատանոց յաճախող երեխաներու ծնողներն են, որոնք կը ձգտին ընտանեկան միջավայրէն զատ իրենց երեխաներուն համար հայերէն լեզուով աշխատանոցներ կազմակերպել հաւաքական ընկերական մթնոլորտի մէջ՝ ընդլայնելու լեզուի գործածութեան առիթները եւ անոր զարգացման հնարաւութիւնները: Վերամուտի տեղեկութիւններ։

Մեր աշխատանոցները

 

Մկնիկի շաբաթօրեայ աշխատանոցները տեղի կ՚ունենան երկլեզու երեխաներու համար։ Մկնիկի նպատակն է ստեղծել խթանող միջավայր մը, ուր երեխաները առիթը կ'ունենան հայերէնով եւս յայտնաբերելու աշխարհը, ընկերութիւնը, մարդիկ։ Ինչպէս նաեւ լեզուային նոր հմտութիւններ ձեռք բերելու, փորձարկելու իրենց գիտութիւնը՚ կիրարկելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները։

 

Մկնիկ աշխատանոցը նաեւ հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զուգահեռ, համընթաց գոյակցութեան վայրն է։

Մեր աշխատանոցները կազմակերպուած են հետեւեալ տարիքային խումբերու համար՝



  • 3-5 տարեկան

  • 6-8 տարեկան

  • 9-11 տարեկան

  • 12-14 տարեկան

  • 15-18 տարեկան

 
Շաբաթօրեայ աշխատանոց
Ateliers hebdomadaires

Լեզուի աշխատանոց

 

Լեզուի աշխատանոցը հայերէնով լեզուի հիմնական գործառոյթները՝ արտայայտուիլ, կարդալ ու գրել, իւրացնելու աշխատանոց է։ Նաեւ՝ լեզուի գործածութեան տարբեր մակարդակներուն՝ գործածական, գրական, աշխարհագիտական …, ծանօթանալու եւ հմտանալու։

 

Երախաները՝ ըստ ընտանիքէն ներս տիրապետող լեզուաճիւղին, մաս կը կազմեն արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն լեզուի աշխատանոցին, անջատ խմբակներով եւ ուղեկիցներով։ Լեզուի աշխատանոցներու խմբակները կը կազմուին ըստ տարիքային խմբաւորումներու եւ երբեմն ալ՝ ըստ լեզուն տիրապետելու կարողութեան։

 

Պատանիներուն հնարաւորութիւն կը տրուի նախապատրաստուելու Baccalauréat-ի քննութեան, ինչպէս նաեւ՝ դառնալու վարիչի օգնական Մկնիկի մէջ:

Բանաւոր-գեղարուեստի աշխատանոցներ 

 

Բանաւոր-գեղարուեստի աշխատանոցներու նպատակը երկուք է. առաջին՝ հայերէն լեզուի գիտութեան հարստացումը գեղարուսետի միջոցով եւ երկրորդ՝ պատմութեան, առասպելաբանութեան, գիտական, ընկերային զանազան նիւթերու ծանօթացումով։ Բանաւոր-գեղարուեստի աշխատանոցը զգացումներու, միտքերու, գաղափարներու արտայայտութիւն, լեզուի զգայական եւ զգացական որակներու վրայ աշխատանքի պահ է. երգի, պարի, կերպարուեստի, ֆիլմարուեստի, թերթ հրատարակելու պահեր ու բանավէճերու մասնակցելու առիթներ։ Թեմաները կ'ընտրուին  տարիքային խումբերու համաձայն, հիմնուելով ծնող-վարիչի, ինչպէս նաեւ դուրսէն հրաւիրուած մասնագէտներու փորձառութեան վրայ:

 

Բանաւոր-գեղարուեստի աշխատանոցներու ընթացքին արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուախումբերը կը միանան։

Թատրոն 

 

Թատերական աշխատանոցը լեզուային, մարմնային ու գեղարուեստական աշրտայայտութիւններու համադրումի առիթ է։ Ինքնազգացողութեան, հանրութեան առջեւ արտայայտուելու, փոխադարձ ըմբռնողութեամբ խմբային մթնոլորտի մէջ աշխատելու, դեր ընդունելու, տիպար ստեղծելու փորձարկումի վայր է։ Թատերական աշխատանքը կը կազմակերպուի տարիքային մի քանի խումբեր միացնելով։ Նիւթերը կ՚ընտրուին աւանդական առասպելներէն, առակներէն, հէքիաթներէն եւ հայկական ու օտար խաղացանկի թատերգութիւններէ, արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն։

Instagram
bottom of page