top of page

Մեր պատմութիւնը

Մկնիկ աշխատանոցը հիմնուած է 1990 թուականին՝ Փարիզ, խումբ մը ծնողներու կողմէ, իրենց հայախօս երեխաներուն համար: Իր կարեւորագոյն նպատակը՝ սփիւռքահայ երեխային հայախօսութիւնը հաճելի մթնոլորտի մէջ ապրեցնելն է, որպէսզի երեխաները բնական պայմաններու մէջ եւ մայրենի լեզուով յայտնաբերեն իրենք զիրենք եւ իրենց շրջապատող աշխարհը:  Մեր վարիչ-ուղեկիցները հիմնականօրէն աշխատանոց յաճախող երեխաներու ծնողներն են, որոնք կը ձգտին իրենց երեխաներուն համար ստեղծել միջավայր մը ուր լեզուն եւ մշակոյթը կ՚ապրուին ու կը փորձարկուին բնական պայմաններու մէջ:

Ateliers hebdomadaires

Մեր սկզբունքները



Մեր աշխատանոցները նախատեսուած են հայախօս մանուկներու եւ պատանիներու համար՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտը: Մկնիկի մէջ հաղորդակցութեան  լեզուն հայերէնն է։ Հայերէն լեզուի ուսուցումը սակայն ինքնանպատակ չէ, լեզուն աշխարհաճանաչողութեան միջոց է: Մեր նպատակն է երեխային համար ստեղծել բնական ընկերական միջավայր, որպէսզի լեզուի գործածութիւնը դառնայ անմիջական եւ ինքնաբուխ՝ որպէս զգացումներու, մտածողութեան եւ ստեղծագործութեան լեզու: Մշակութային ծրագիրը, հաւաքոյթները եւ ճամբորդութիւնը կը կատարուին ըստ հայ աւանդական տօնացոյցին, իսկ տօնախմբութիւններն ու հանդէսները կրթամշակութային աշխատանքներուն շարունակութիւնն են։

bottom of page