top of page

Ձեր օգնութիւնը անհրաժեշտ է

Մեր աշխատանոցները հիմնականօրէն նիւթապէս տնտեսուած են ծնողներուն կողմէ: Վարիչներուն մեծ մասը իրենք ծնողներ են եւ ընկերակցութեան կ'աջակցին կամաւոր ձեւով: Ծնողներուն վճարած կրթաթոշակը կ'օգտագործուի շաբաթօրեայ եւ արձակուրդային աշխատանոցներուն տարածքը վարձելու, ինչպէս նաեւ տարեկան ուսումնական ճամբորդութիւնը կազմակերպելու համար:

Նուիրատուութիւններու համար

 

Դասաւանդման նիւթերու պատրաստութեան կամ լուսապատճէնի ծախսերը, դուրսէն եկած վարիչներու մասնակցութեան վարձատրութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ վարիչներու, նոյնիսկ խորհրդանշական նիւթական փոխհատուցումը, մէջտեղ կը բերեն նիւթական ծախսեր եւ տնտեսելու անհրաժեշտութիւն:

 

Այդ պատճառով է որ  ձեր նուիրատուութեան կարիքը ունինք, որ կ'օգնէ մեզի հաւասարակշռելու մեր տարեհաշիւը, միեւնոյն ժամանակ կը պահպանէ Մկնիկ յաճախելու մատչելիութիւնը ծնողներուն համար:

 

Եթէ կը փափաքիք օգնել մեր ընկերակցութեանը, կրնաք մեր հետ կապուիլ ել նամակի միջոցով: Ձեր նուիրատուութիւնները կրնան նուազեցնել ձեր տուրքերը, օրինակ՝ 300 եւրօ նուիրատուութեան պարագային դուք կը ստանաք ձեր եկամտահարկի 200 եւրոյի նուազում:

bottom of page