top of page
Ateliers hebdomadaires

Մկնիկի կեանքը

Ծանօթացէք Մկնիկի երիտասարդների յօդուածներին եւ ստեղծագործութիւններին

  • Mgnig | Մկնիկ

«Քիչ մը մեծցած պզտիկ ընտանիք մը»

Մեր աւագ մկնիկցիներուն այնքան կարօտցանք, որ 30 ամեակի առթիւ, աշխարհի չորս կողմերէն զիրենք կանչեցինք որ մեզի անուշ յիշատակներ պատմեն։


Մարալ, Վահան եւ Շուշան Քերովբեաններ

Երբ «Մկնիկ» բառը կը լսես ի՞նչ կը զգաս, երեք բառով նկարագրէ

ՎԱՀԱՆ - «Մանկութիւնս, պատանեկութիւնս, չափահասութիւնս. մէկ խօսքով` կեանքս»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Ընկեր, խաղ, ընտանիք»։

ՄԱՐԱԼ - «Ուրախութեամբ լեցուն յիշատակներ, խաղ, ընկեր»։



Քանի՞ տարի Մկնիկ գացած ես

ՎԱՀԱՆ - «Մօտաւորապէս 22 տարի»։

ՇՈՒՇԻԿ - «15 տարի իբրեւ երեխայ / պատանի եւ 5 տարի իբրեւ ուղեկից»։

ՄԱՐԱԼ - «7-էն 25 տարեկանս (18 տարի)»։



Ի՞նչ է ամենէն հին յիշատակդ Մկնիկէն

ՎԱՀԱՆ - «Մկնիկի առաջին տեղը, դղեակին վրայ խաղալը, արջամուկ պուպրիկը որ մեր ընկերն էր»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Առաջին յիշատակս 5րդ-ին է, երբ Անահիտին հետ խաղավայրին մէջ նստած «Տատիկս ալիւր կը մաղէ» կ՛երգէինք»։

ՄԱՐԱԼ - «Յաճախ յիշատակները լուսանկարներուն հետ կը խառնուին, ուրեմն դժուար է զատել։ Կը յիշեմ Մկնիկի առաջին վայրը, որ «դղեակ» կը կոչէինք։ Կը յիշեմ նաեւ տարեդարձ տօնելու եւ երգելու պահերը»։




Ինչպէ՞ս կը նկարագրես ձեր ժամանակուան Մկնիկի մթնոլորտը

ՎԱՀԱՆ - «Քիչ մը մեծցած պզտիկ ընտանիք մը։ Միշտ կը խաղայինք, կ՚երգէինք, իրարու տունը կը պառկէինք ընկերներով»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Ընտանեկան, սիրով լեցուն եւ շատ ստեղծագործական»։

ՄԱՐԱԼ - «Ճոխ, ամէն շաբաթ գիտէինք ինչ ունէինք ընելիք, բայց ամէն շաբաթ անակնկալներ կային՝ ի՞նչ պիտի երգէինք Արմինէին հետ, Անահիտը ի՞նչ պիտի ընէր նախընթրիքի պահուն, ի՞նչ խաղեր պիտի հանէր գլխարկէն Ժիրոն, պապան (Արամը) ի՞նչ բառախաղեր պատրաստած էր, ընկերները ի՞նչ պիտի պատմէին... սպասում մը կար թէ՝ «հայտէ» Մկնիկ երթանք»։


Վահանը եւ Շուշանը` 
Մեծ Բազարի համերգին

Ի՞նչ յառաջ բերաւ Մկնիկը կեանքիդ մէջ

ՎԱՀԱՆ - «Ամենէն մտերիմ ընկերներս եւ գիտակցութիւնը թէ ինչ պէտք ունին երեխաները լաւ մթնոլորտի մը մէջ մեծնալու համար»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Մկնիկը ինծի տուաւ հայերէն լեզուն ազատօրէն խօսելու հանգստութիւն մը, հայկական ինքնութեանս հետ։ Ինծի համար միշտ շատ բնական եղած է հայերէն խօսիլը Մկնիկի շնորհիւ։ Մկնիկը նաեւ օգնած է ընտանիքէն դուրս մարդկանց հետ հայերէն խօսելու եւ երաժշտութեան մեջ ստեղծագործելու համար»։

ՄԱՐԱԼ - «Խաղով եւ ուրախութեամբ սորվելու տեղ մըն էր, բաժնելու, փնտռելու, կռուելու, ապրելու վայր մըն էր, ուր շատ ազատ էինք, ուր մենք կու գայինք իբրեւ մենք եւ ոչ մէկ սպասում չկար թէ մենք ասանկ պէտք է ըլլանք. այս է մեծ տարբերութիւնը ֆրասական դպրոցին բաղդատմամբ։ Մկնիկը շատ աւելի յարմար էր իմ բնաւորութեանս եւ հոն կրցայ ծաղկիլ։ Մկնիկէն յետոյ, Մկնիկի փորձառութիւնը ինծի շատ օգնեց աշխատանքիս մէջ, որովհետեւ շատ աշխատեցայ երեխաներու հետ եւ երբ ՊԱՖԱ-ն անցուցի, բոլոր հիմնական բաները Մկնիկէն սորված էի՝ երեխային յարգել եւ իր աշխատանքին մէջ մտնել... ուֆ, շատ երկար պատասխան է»։



Անմոռանալի յիշատակ մը պատմէ մեզի

ՎԱՀԱՆ - «Համբարձման պտոյտները, անչափ ուժեղ փորձառութիւններ էին, ընկերային, քէֆի եւ ուրախութեան, որմէ հեռանալը մեծ ցաւ մը կը պատճառէր։

Նաեւ քիչ մը «խմբլ» դէպք մը կը յիշեմ՝ երբ Հայ տուն էինք, պարտէզին մէջ, երկու թշնամի խումբեր կային, քիչ արեւելահայերէն արեւմտահայերէն բաժանումով եւ իբր թէ լրտեսութիւն կ՚ընէինք բայց ընկերներէս մէկը երկու խումբերուն կը պատկանէր եւ երբ մէկէն զզուէր միւսին կու գար, ինքը երկուքին կամուրջն էր»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Մէկ յիշատակ զատելը դժուար է որովետեւ շատ յիշատակներ կան, բայց Համբարձման պտոյտները, թատրոնները տարբեր տիպարներով... իսկապէս լաւ յիշատակներ ձգած են»։

ՄԱՐԱԼ - «Շատ շատ կան, բայց կը յիշեմ համբարձման պտոյտները եւ «Չարի վերջ» թատերախաղը։ Ես կուկուն էի եւ կը դեռ կը յիշեմ «կուկու կուկու իմ կուկուներ ե՞րբ պիտի ունենաք դուք թեւեր» եւ անդադար փորձ կ՚ընէինք ծառերուն տակը»։


Մարալը արձակուրդային 
աշխատանոց է վարում

Եկող տարիներուն համար ի՞նչ կը մաղթես Մկնիկին

ՎԱՀԱՆ - «Որ շարունակուի, նորոգուի, միշտ թարմ ըլլայ, իբր գաղափար եւ միշտ երեխաներուն լսելով շարունակուի»։

ՇՈՒՇԻԿ - «Կը մաղթեմ որ միշտ այսքան քէֆով ըլլայ, միշտ նոր գաղափարներով եւ նոր խաղերով հայերէնը ապրող պահելու համար եւ անշուշտ երկար կեանք»։

ՄԱՐԱԼ - «Նոյնքան ուրախութիւն, ազատութիւն, կը մաղթեմ նաեւ քէֆ եւ գոնէ 30 տարի ալ շարունակուի»։




Հարցազրոյցները վարեցին` 
Ծովինար եւ Մելինէ Չոլաքեանները



Հրատարակուել է Մկնիկ աշխատանոցի 2020-21 ուսումնական տարուայ թերթում:



97 vues

Posts récents

Voir tout
bottom of page